Հայրենիք

Հայրենիք

Wednesday, March 14, 2012

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

  Հայկական վարժարանները մասնաւորապէս ջարդի տարիներէն ետք, տարածուեցան համայն աշխարհի մէջ:Այսօր գրեթէ ամէն երկրի մէջ կը կայանայ Հայկական վարժարան մը, Հայ աշակերտին դաստիարակութեան պարտականութիւնը շալկելով իր ուսերուն վրայ:
  Այսօր Լիբանանի մէջ շատ մը օտար դպրոցներու կողքին կը գտնուին Հայկական Բարձրագոյն վարժարաններ, որոնք ամէն տարի կը հպարտանան իրենց հունձքով, եւ բազմաթիւ պարագաներու, արժանանալով բարձր մակարդակի յաջողութիւններու ուսման մէջ նայեւ պետական ուսումնական ծրագիրներու գծով, պետական քննութիւններուն տեղացիներէն բարձր նիշեր ապահովելով:
  Ընտհանրապէս, ինչպէս հին օրերուն, Հայ վարժապետները եւ ուսուցիչները եղած են կղերականներ,վարդապետներ,կրօնականներ,որովհետեւ այն ատեն անոնք էին մեր ուսեալ տարրերը եւ կամ ուսեալ դասակարգը, անոնք էին որոնք գրականութեամբ կըզբաղէին. այդ պատճառով , եկեղեցիներէն ներս կամ անոնց կողքին կը գտնուէին Հայկական Վարժարանները:
  Մինչեւ օրս, գրեթէ բոլոր հայկական վարժարանները, մասնաւորապէս , Աւետարանական վարժարաններուն կողքին կը նկատենք Հայ Աւետարանական Եկեղեցին՛ նեցուկ կանգնելով դպրոցին ամէն պարագայի տակ:
  Հայ Աւետարանական դպրոցին նպատակն է, աշակերտները պատրաստել Քրիստոնէական եւ Հայկական դաստիարակութեամբ, կառչած մնալով պետական ուսումնական ծրագրին:
  Իսկ գալով համայն հայ վարժարաններուն առաքելութեան յատկանիշներուն, անոնք կը նպատակադրեն դաստիարակել անձը, աշակերտը, պատրաստելու զայն հասնելու ուսման կամ արհեստագիտական ասպարէզի մը բարձրագոյն մակարդակին, նայեւ, կը հայթայթեն ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն, ուսման բոլոր մակարդակներու վրայ, Հայերէն լեզուի, Գրականութեան, Պատմութեան եւ մշակութային ծրագիրներու մէջ, ինչպէս նայեւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն փոխանցելով աշակերտին:
  Կը մնայ Հայ աշակերտին, ընտրել Հայկական Վարժարանը փոխան օտար Վարժարաններու, Դպրոցէն ներս ապրելու իբրեւ Հայ, վայելելով Հայկական մշակութային ոգին, ըլլալով տիպար Հայ աշակերտ, եւ բարձրագոյն ուսում ստանալով դառնալ Հայ մտաւորականներ,ազգին իրաւունքները պաշտպանելու,ինչպէս նայեւ, ազգին Փառք ու Պատիւ բերելու համար:

No comments:

Post a Comment