Հայրենիք

Հայրենիք

Thursday, January 5, 2012

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊԱՏԿԵՐԸ

    Այսօր արդէն 96 տարիներ անցած են Հայոց Ցեղասպանութեան.Հայ ժողովուրդը իր վրէժխնդիր ձայնը կրկին կ'ուղղէ աշխարհին արդարութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր:

   Մենք սփիւռքահայերս, ամէն մէկս, ունինք մեր պապերուն տարագրութեան յուզիչ պատմութիւնները, որոնք մղած են մեզ ըլլալու վրիճառու եւ պահանջատէր. ոչ մէկ Հայ կրնայ մոռնալ այս դաժան եւ ցաւալի իրադարձութիւնը դրոշմուած իր ազգին պատմութեան էջերուն:
   Ամէն անգամ երբ կը յիշեմ այս իրողութիւնը, ուժգնօրէն կը ցնցուիմ եւ սաստիկ կ'ազդուիմ: Այն վայրագութիւնը, երբ Հայ աղջիկներուն ստիպեցին պարելու, աղջիկները չընդունեցին եւ իրենց պատիժը եղաւ կրակի բոցերուն ընդմէջէն այրելով պարել: Միթէ Թուրք գազանները այսօր կ'ընդունի՞ն, որ մենք վրէժխնդիր ոգիով սպաննութեան նոյն միջոցը գործածենք Թուրք աղջիկներուն:
   Ասոր կողքին շատ ուրիշ պատկերներ կան, ինչպէս կախաղաններու տեսարանները, գլխատուած Հայերու նկարները ...
  Երբ փոքր էի այս պատկերները տեսնելով կու լայի եւ կը ցաւէի, սակայն հիմա որքան տեսնեմ, այդքան վրէժի ոգիով կը լեցուիմ: Այլեւս աչքէս արցունք չի հոսիր, այլ սրտէս արիւն, ցաւս ալ հասած է ոսկորներուս:

   Այսօր, մեծ պարտականութիւն կ'իյնայ մեր սփուրքաՀայութեան ուսերուն: Մենք պահանջատէր ենք կորսուած սիրելիներու, հողերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ արեան: Յարատեւ պայքար է հարկաւոր մանաւանդ Մեծ եղեռնի 100-ամեակէն առաջ:
  Ամենամեծ դերը այսօր մեր երիտասարդներուս վերապահուած է: Մենք ենք որ պայքարի ջահը վեր եւ վառ պիտի պահենք ու փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:

                                                                                                                      Յովիկ Գըլընճիպաշեան

No comments:

Post a Comment