
Կարելի՞ է տոկալ այնքան ցաւի,
Մտրակի,հարուածի ու անքութ կոտորածի,
Սակայն հակառակ Թուրքին գործադրած Ոճիրին ,
Հայը կ'ապրի դեռ աշխարհի երեսին:
Ծեղասպանութիւնը խլեց հայոց արդիւնաբեր հողը,
Աւերակ թողեց անոր քանդակուած եկեղեցիները,
Քայքայեց բազմադարեան արուեստն ու միտքը,
Եւ այդպէս փորձեց բնաջնջել հայութիւնը:
Սփիւռքահայութիւնը գիտէր թակել դուռը վրէժի,
Առնել քայլ մը ազատութեան տենչի.
Յեղափոխութիւն հաստատեց աշխարհի տարածքին,
Ձգտելով հասնիլ շղթայուած Արարատին:
Աննախընթաց թալանի ու կողոպուտի.
Ուրկէ անմեղներու արեան կանչը կը լսուի
եւ անոնց յիշատակը կը մնայ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ:
Մարինէ Արիստագէսեան
«Եղեռն» Գործ, Յովիկ Գըլընճիպաշեան-ի.
Ապրիլեան
մինչ ամբողջ աշխարհը դիտեց
ոչ ոք նայեցաւ մեր դէմքին
որ կը ցոլացներ արդարութեան հոգին:
Մայրը իր զաւակը թողեց մէկդի ու քալեց
Հայ գեղուհին ինքզինք եփրատ գետը նետեց
Իսկ ծեր մամիկը յուսաբեկ աղօթեց
Թուրքին սուրէն ու հրացանէն հեռու պահելը խնդրեց:
Եփրատէն արիւն հոսեցաւ
Մասիսի գագաթէն արցունք կաթեցաւ
Հայու ողբը Արագածի ականջին երկար լսուեցաւ
Ու հայրենիք իր զաւակին կորուստը լացաւ:
Հայն արմատիլ կարօտովը իր հողին
Քալեց մինչեւ անապատները տրտմագին
Բայց չթողեց թուրքը հասնի իր նպատակին
Ան գաղութներ հաստատեց աշխարհի տարածքին:
Անցան ու գացին իննսունվեց տարիներ
Ալ չենք հագնիր մենք այսօր սեւեր
Այլ կը պահանջենք իբրեւ իրաւատէր
Մեզմէ խլուած արիւն ու հողեր...
Հայ գեղուհին ինքզինք եփրատ գետը նետեց
Իսկ ծեր մամիկը յուսաբեկ աղօթեց
Թուրքին սուրէն ու հրացանէն հեռու պահելը խնդրեց:
Եփրատէն արիւն հոսեցաւ
Մասիսի գագաթէն արցունք կաթեցաւ
Հայու ողբը Արագածի ականջին երկար լսուեցաւ
Ու հայրենիք իր զաւակին կորուստը լացաւ:
Հայն արմատիլ կարօտովը իր հողին
Քալեց մինչեւ անապատները տրտմագին
Բայց չթողեց թուրքը հասնի իր նպատակին
Ան գաղութներ հաստատեց աշխարհի տարածքին:
Անցան ու գացին իննսունվեց տարիներ
Ալ չենք հագնիր մենք այսօր սեւեր
Այլ կը պահանջենք իբրեւ իրաւատէր
Մեզմէ խլուած արիւն ու հողեր...
Մարինէ Արիստագէսեան
«Հայոց Դիմագիծը» Գործ, Յովիկ Գըլընճիպաշեան-ի.